Jump to content

Զաթրիքիոն

07:26, 21 Յունիս 2024ի տարբերակ, HoMen (քննարկել | Ներդրումներ)ի կողմէ
(տարբ.) ←Նախորդ տարբերակ | Վերջին տարբերակ (տարբ.) | Յաջորդ տարբերակ→ (տարբ.)
Զաթրիքիոն, Ք․Ա․1600 - յայտնաբերուած է Քնոսոս 1900-ին․ կը գտնուի Իրաքլիոնի Հնաբանական թանգարանը, Իրաքլիօ, Կրետէ

Զաթրիքիոն (յուն․՝ Ζατρίκιον)․ Մինոասեան ժամանակաշրջանի հնաբանական իր, յայտնուած Քնոսոս (1900)։ Կը ցուցադրուի Իրաքլիոնի Հնաբանական Թանգարանին մէջ, իսկ անոր մէկ նմուշւ կը հիւրասիրուի Նիու Եորքի Մեթրոբոլիթան Արուեստի Թանգարանին (The Met) մէջ։

Քնոսոս․ «Զաթրիքիոնի անցք»

Տեղեկութիւններ

Արթուր Էվանս 1900-ին Քնոսոսի մէջ կատարած հնաբանական պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերած է Զաթրիքիոն, պալատին հիւսիս-արեւելեան կողմը։ Այդ օրէն ասդին, այդ վայրը կը կոչուի «Զաթրիքիոնի անցք»։ Ժամանակագրուած է Ք․Ա․1700 - Ք․Ա․1500 թուականներուն միջեւ։

Նկարագրութիւն

Զաթրիքիոն քառանկիւն նշխար մըն է։ Անոր պատուանդանը տախտակէ է զարդարուած արժէքաւոր նիւթերով, ինչպէս օրինակ՝ փղոսկր, բիւրեղ, ապակիէ զանգուած, ոսկի եւ արծաթ։

Տախտակին քով, գտնուած են նաեւ փղոսկրէ չորս կոնաձեւ իրեր, որոնք հաւանաբար խաղին մաս կը կազմէին։

Հաւանաբար գտնուած նշխարը մեծահարուստ ազնուականի մը սեբականութիւնը եղած ըլլայ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ